2012-12-24 10:40:17

Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքին Կոչը` ''Սուրիոյ Քրիստոնեաները Երկրէն Չգաղթեն''։


Յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարքը` գերերջանիկ Եուհաննա Եազչի մամուլին հետ ունեցած առաջին ելոյթով Տամասկոսի մէջ, կոչ ուղղած է Սուրիոյ քրիստոնեաներուն, հրաւիրելով զանոնք երկրէն չգաղթելու եւ խրախուսած է կողմերը վերջ դնելու բռնութիւններուն ու կլոր սեղանի շուրջ նստիլու։
Յայտնենք որ սեպտեմբեր 2011էն այսօր երկիրը քաղաքացիական պատերազմի մէջ է եւ ընդդիմադիր մարտիկները կ'աշխատին ընդհարումը վերածել դաւանական պայքարի պարտադրելով քրիստոնեաները ընտրելու իրենց դաշտը։
Բազմաթիւ Քրիստիոնեաներ այս տարի կը նախընտրեն Յիսուսի ս. Ծնունդը տօնել տան մէջ երկրի անապահով կացութեան հետեւանքով։ Մինչեւ օրս քրիստոնեայ հասարակութիւնը որ կը հաշուէ շուրջ 1,8 միլիոն, չէզոք կեցուածք ունի կացութեան հանդէպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.